2015-02-23 11:49:21

Քառասնորդաց աւանդական Հոգեւոր Կրթութիւն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մասնակցութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 22 փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Հռոմէն ոչ հեռու, Արիչչա շրջանին մէջ գտնուող, Պօղոսեան հայրերու Աստուածային Վարդապետի տան մէջ, սկիզբ առին Քահանայապետի եւ Հռոմի Քուրիայի քառասնորդացի աւանդական հոգեւոր կրթութիւնները, որպէս գլխաւոր նիւթն ունենալով` ''Ողջ Աստուծոյ ծառաներն ու մարգարէները''։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է, Քարմելիթան միաբանութեան անդամ` հայր Պրունօ Սէքոնտին։
Այս շաբաթուայ ընթացքին ընդհատուած կը նկատուին Ֆրանչիկսոս Պապին գործունէութիւնները ներառեալ առանձնական ու հրապարակային ունկնդրութիւնները եւ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ առօրեայ սուրբ պատարագները։
Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը կը նախատեսէ` առաւօտեան ժամը 7.30-ին առաւօտեան ժամասացութիւն, որուն անմիջապէս կը յաջորդէ հակիրճ խորհրդածութիւն մը, նախաճաշը ու ապա առաջին խորհրդածութիւնը,ետքը համապատարագ ու ճաշ։
Իսկ յետմիջօրէի ժամը 4-ին, տեղի կ՛ունենայ երկրորդ խորհրդածութիւնը, ապա ամենասուրբ հաղորդութեան երկրպագութիւն, երեկոյեան ժամասացութիւն ու ընթրիք։
Երկուշաբթի 22 փետրուարի խորհրդածութիւնները նիւթերն են` առաջին խորհրդածութիւն` ''Գնա դէպի Արեւելք, պահուըտէ. Վերադարձ դէպի արմատները'' երկրորդ` ''Երեւան գալ. Ոչ երկդիմութեան այո արիութեան''։
Հոգեւոր կրթութիւնը վերջ կը գտնէ` ուրբաթ 27 փետրուարի առաւօտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.